Թուական. 18-2-1975։
Վայր - Քափուչին լատին հայրերու Սուրբ Լուիս Մայր Եկեղեցի - Պէյրութ։
Առիթ- Մեծ պահքի նուիրուած դասախօսական շարք Պասիմ Եպիսկոպոսի հրաւէրով։
Աղբիւր- Իմամ Մուսա Սատրի կեդրոնի ձայնագրութիւններու հաւաքածոյ։
Փառաբանութիւն եւ շնորհակալութիւն Քեզի, ո՛վ մեր Տէր Աստուած, Աստուածը՝ Աբրահամի եւ Իսմայիլի, Աստուածը՝ Մովսէսի, Յիսուսի եւ Մուհամմէտի, Աստուածը՝ տկարներուն ու համայն մարդկութեան։
Փա՛ռք Աստուծոյն, որ վախկոտներուն ապահովութիւն կը ներշնչէ, արդարները կը փրկէ, ընկճուածները կը բարձրացնէ, հպարտները կը զգետնէ, թագաւորներ կþոչնչացնէ եւ ուրիշներ ալ կը պատժէ։ Փառք տիտաններու ջախջախիչին, անարդարներու կեղեքիչին, փախստականները բացայայտողին, բռնակալները զգետնողին եւ կարիքաւորներուն օգնութեան հասնողին։
Շնորհակալութի՛ւն Տէր, որ պարուրեցիր մեզ քու հոգածութեամբդ, մէկտեղեցիր քու շնորհքովդ եւ միաւորեցիր մեր սիրտերը սիրովդ ու ողորմութեամբդ։ Ծոմապահութեան այս օրերուն, ահաւասիկ համախմբուած ենք քեզի համար, քո՛ւ ձեռքերուդ մէջ եւ քո՛ւ տուներէդ մէկուն մէջ։ Մեր սիրտերը կը տենջան քեզի, մեր մտքերը քեզմէ է որ լոյս եւ ուղութիւն կը ստանան, նկատի առած՝ որ դուն է որ հրաւիրած ես մեզ, որ քալենք կողք կողքի, քու արարած մարդկութեանդ ի խնդիր. մէկտեղուինք միասնական խօսքով քո՛ւ արարածներուդ երջանկութեան համար։ Մենք դէպի քո՛ւ դուռդ է որ ուղուեցանք եւ քո՛ւ խորանէդ է որ աղօթեցինք։
Հաւաքուեցանք մարդուն համար, որուն համար ծնունդ առին կրօնները, որոնք մէկ էին նախապէս, զիրար կþաւետէին եւ զիրար կը հաստատէին։ Աստուած կրօններով մարդիկ խաւարէն դէպի լոյս առաջնորդեց, փրկեց զանոնք տարանջատող եւ ընկճող բազում անհամաձայնութիւններէ եւ սորվեցուց խաղաղութեան առաջնորդող ուղին։
Կրօնները ի սկզբանէ մէկ էին եւ կը հետապնդէին մէկ նպատակ՝ առաջնորդուիլ դէպի Աստուած ու ծառայել մարդկութեան։ Այս երկուքը նոյն ճշմարտութեան երկու երեսներն են։ Աւելի վերջ սակայն, անոնք տարբերուեցան իրարմէ, երբ սկսան ծառայել նաեւ իրենք իրենց։ Անոնց հետաքրքրութիւնը այնքա՛ն կեդրոնացաւ իրենց վրայ, որ կարծէք մոռցնել տուաւ նպատակը։ Այսպիսով շեշտուեցաւ ու խորացաւ անհամաձայնութիւնը եւ բազմացաւ մարդոց ու ազգերու ողբերգութիւնը։
Կրօնները նախապէս մէկ էին ու կը հետապնդէին մէկ նպատակ՝ պատերազմ երկրի չաստուածներուն ու բռնատէրերուն դէմ եւ պաշտպանութիւն անկարներուն ու հալածուածներուն։ Ասոնք նոյն իրականութեան երկու երեսներն են։ Երբ յաղթեցին կրօններն ու անոնց հետ նաեւ տկարները, բռնակալները փոխեցին իրենց դիմագիծերը եւ կանխելով զանոնք՝ ապահովեցին իրենց սեփական շահերը։ Սկսան իշխել կրօնքի անունով եւ իրենց սուրերը բարձացնել ի խնդիր անոր։ Այս կացութենէն ամենէն աւելի տուժեցին հալածուածները ու առաջ եկան կրօններուն ողբերգութիւններն ու անհամաձայնութիւնները, որոնք արդիւնք էին շահագործողներու անձնական շահերուն։
Կրօնները նախապէս մէկ էին, որովհետեւ սկիզբը, որ Աստուած էր՝ մէկ էր, նպատակը, որ մարդն էր՝ մէկ էր, եւ երթը՝ որ այս տիեզերքն էր՝ մէկ էր։ Երբ մոռցանք նպատակն ու հեռացանք մարդկութեան ծառայելէ, մոռցանք նաեւ զԱստուած ու հեռացանք անկէ, վերածուեցանք խումբերու եւ յարանուանութիւններու, դարձանք տարակարծիք, բաժնեցինք տիեզերքը, ծառայեցինք սեփական շահերու, երկրպագեցինք առանց Աստուծոյ չաստուածներու եւ ոտնակոխեցինք մարդը, որ դարձաւ բզիկ-բզիկ։
Այժմ կը վերադառնանք դէպի ուղին, կը վերադառնանք մարդուն, որպէսզի Աստուած ալ վերադառնայ մեզի. կը վերադառնանք տառապող մարդկութեան, որպէսզի փրկուինք Աստուծոյ տանջանքէն, կը միանանք տկարացած, խոցուած եւ ընկճուած մարդոց ի խնդիր, որպէսզի միանանք ամէն ինչով, միանանք Աստուծմով ու կրօնները ըլլան մէկ «Ձեզանից ամէն մէկի համար մենք շինել ենք մի օրէնք եւ մի ճանապարհ։ Եթէ Աստուած կամեցած լինէր, մենք ձեզ մէկ հատ կրօնական ազգ կը շինէինք, բայց որպէսզի Նա ձեզ փորձէ այն բանի մէջ, որ ձեզ տուել է, մրցեցէ՛ք բարիքների մէջ։ Դուք Աստծուն պիտի դառնաք ամենքդ»[1] [«Ղուրան», Սուրէդ Ալ Մաիտէ 48]։
Եւ այս պահուն, եկեղեցւոյ մէջ, ծոմապահութեան այս օրերուն, կրօնական քարոզի ընթացքին, յանձնառու պատասխանատուներու հրաւէրով, ինքզինքս կը գտնեմ ճանապարհի կիսուն՝ ձեր կողքին, կը գտնեմ որպէս քարոզիչ եւ ունկնդիր, որպէս խօսող ու լսող։ Կ՛ըսեմ լեզուովս ու կը լսեմ ականջովս։ Պատմութիւնը թող վկայէ. կը լսենք Զինք, ապա կը վկայենք ու Ան կþունկնդրէ մեզ։ Պատմութիւնը թող վկայէ Լիբանանին, հանդիպումներու երկրին, մարդո՛ւ երկրին, հալածուածներու հայրենիքին ու երկչոտներու ապաստանարանին։ Եւ ահա այս մթնոլորտին մէջ է ու այս վեհ նպատակին ընդառաջ է որ կրնանք լսել երկնային իսկական կոչերը, որովհետեւ արդէն մօտեցած ենք ակունքներուն։
Ահա՛ Տէրը, փա՛ռք իրեն. Ան իր սիրալիր բարկութեան մէջ կþաղաղակէ. «Ո՛չ, ո՛չ, Աստուծոյ սէրը չի՛ կրնար մէկտեղուիլ մարդու ատելութեան հետ». ու անոր ձայնը կþարձագանգէ խիղճերուն մէջ… Եւ ահա այլ ձայն մը կը բարձրանայ, ողորմած մարգարէին ձայնը. «Աստուծոյ ու վերջին դատաստանին չի կրնար հաւատալ ան՝ որ կուշտ կը քնանայ երբ դրացին քաղցած է»։
Զոյգ ձայները ժամանակի ընթացքին կը միաձուլուին ու անոնց արձագանգը կը հնչէ սրբազան քահանայապետին լեզուով, դարձեալ արտասանուած ծոմանպահութեան առիթով. ան կþըսէ. «Քրիստոսն ու թշուառը նոյն անձերն են», մինչեւ իսկ ան իր «Ժողովուրդներու Յառաջդիմութիւնը» խորագրով նշանաւոր թուղթին մէջ կþընդվզի մարդու արժանապատուութեան համար ու կը գոչէ, ինչպէս որ Յիսուս գոռաց տաճարին մէջ. «Մեծ է փորձութիւնը երբ կը փոխադարձես զայն բռնութեամբ ինչպէս մարդկային արժանապատուութիւնը ստորնացնող արարքները», ու կþըսէ. «Ամենավատ մարդկայնութիւնը բռնատիրական կարգերն են, որոնք առաջ կու գան թագաւորներու եւ սուլթաններու շահագործումէն, բանուորներու իրաւունքներու կեղեքումէն եւ դաշնագրերու անարդարութենէն»։
Միթէ այս անբիծ ձայնը կը տարբերի՞ իսլամական հաստատուն խօսքէն թէ՝ «Ե՛ս եմ Աստուածը սրտաբեկներուն. ես հիւանդին կողքին էի, երբ բժշկեցի զինք ու աղքատին կողքին՝ երբ օգնեցի իրեն ու կարօտեալի կողքին՝ երբ լուծեցի անոր հարցերը»։
Գալով միջոցին, իրաւունք հաստատելու համար կատարուած իւրաքանչիւր ձգտում եւ անիրաւուածի համար եղած իւրաքանչիւր ճիգ կը համարուի պայքար՝ յանուն Աստուծոյ եւ աղօթք՝ իր խորանին։ Ա՛ն է երաշխաւորը յաղթութեան։
Ահա այս վկայութիւններուն ընդմէջէն կը վերադառնանք մեր մարդուն, որպէսզի պրպտենք այն ուժերը, որոնք կþոտնակոխեն ու այն ուժերը որոնք կը տարանջատեն մարդը՝ աստուածատուր այն պարգեւը, այն արարածը, Աստուծոյ յաջորդը երկրի վրայ, որ իր արարիչի յատկութիւններով ստեղծուած է։ Մարդն այս գոյութեան հիմքն է, ընկերութեան սկզբնաւորութիւնը, անոր նպատակն ու պատմութեան շարժիչ ուժը։ Մարդն այս, որուն կարողութիւնները կը բացատրուին ո՛չ թէ դարուս փիլիսոփայական ու բնագիտական նիւթափոխանակումներու վերլուծութիւններով, այլ ինչ որ կը հաստատեն կրօններն ու գիտական փորձերը, թէ՝ «Մարդուս համար էլ կայ միմիայն իր աշխատանքը»[2] [«Ղուրան», Սուրէդ Ալ Նըճըմ, 39], թէ գործերը անմահ են եւ թէ մարդ, առանց իր արձանագրած նուաճումներուն, ոչի՛նչ կþարժէ։ Հետեւաբար որքա՛ն տէր կանգնինք մարդու կարողութիւններուն ու զարգացնենք զանոնք, այնքան պատուած եւ յաւերժացուցած կþըլլանք Զինք։
Ու եթէ հաւատքը, իր երկնային հասկացութեամբ մարդուն կը շնորհէ հոգեկան անսահման զգացողութիւն եւ անհատնում ձգտումներ ու կը պահպանէ մարդուն յոյսը՝ երբ չքանան անոր միջոցները ու կը փարատէ անոր մտատանջութիւնները, միաժամանակ մէկ կողմէ երբ կը համակարգէ անոր եւ անոր նմաններուն յարաբերութիւնները իսկ միւս կողմէ անոր եւ բոլոր էակներուն յարաբերութիւնները, հաւատքը, ուրեմն, իր այս հասկացութեամբ մարդուն կը շնորհէ այսքան վեհութիւն ու այսքան գեղեցկութիւն, իսկ իր միւս հասկացութեամբ կը ձգտի կերտել ու պահպանել մարդը ու կը ստիպէ պահել զայն եւ կը հաստատէ որ չկայ հաւատք՝ առանց մարդուն ծառայելու յանձնառութեան։
Պէտք է տէր կանգնիլ ու զարգացնել մարդու բոլոր կարողութիւնները, իւրաքանչիւրի՛ կարողութիւնները։ Այս մէկուն համար կը նկատենք, որ զիրար ամբողջացնելու գաղափարախօսութիւնը առկայ է առաջին առաքելութիւններէն մինչեւ սրբազան քահանայապետի այս օրհնաբեր պատգամը, երբ կþըսէ. «Որպէսզի յառաջդիմութիւնը իսկական ըլլայ, պայման է որ ըլլայ ամբողջական, այսինքն՝ արժեւորէ իւրաքանչիւր անձ եւ իւրաքանչիւրը՝ իր ամբողջութեամբ»։ Հետեւաբար կը տեսնենք որ գողութիւնը, զօր օրինակ որ արգիլուած է պատուիրաններուն մէջ, որովհետեւ ան մարդու կարողութիւններուն ու անոր հետեւանքներուն բռնաբարումն է, այսօր ան երեւան կու գայ շահագործումի եւ մենաշնորհման տարբերակով, արդիւնաբերութեան յառաջընթացման պատրուակով կամ արհեստածին կարիքներու ձեւակերպումով, զոր մարդուն կը պարտադրուի արդիւնաբերութեան միջոցներով, երբ ան կեղծ ցանկութիւնը կþունենայ իւրացնելու ու հետեւաբար կը ստիպուի աւելին սպառելու։ Պահանջները այսօր մարդու ներսիդէն չեն որ կը փխին, այլ ձեւակերպուած են այսպէ՛ս, շինծո՛ւ ձեւով, ստեղծուած արտադրող հաստատութիւններու ենթակայ լրատուամիջոցներուն կողմէ։
Ահա այսպէս ամէն օր նոր պահանջ մը կամ նոր պահանջի մը զարգացած մէկ տարբերակը կը պարտադրուի մարդուն։ Ան կը սպառէ մարդուն բոլոր կարողութիւնները, առանց որ ան անկախութիւնը ունենայ իր փափաքած ձեւով տնօրինելու զանոնք։ Ահա այսպէս, զգալի զարգացում մը կը նկատենք այն ուժերուն մօտ, որոնք արգելք կը հանդիսանան մարդկային կարողութիւններու յառաջացման, կը փճացնեն եւ կամ կը տարանջատեն զանոնք, իսկ իրենք՝ հիմնականին մէջ կը մնան նոյնը, հակառակ իրենց ձեւափոխման եւ արագընթաց զարգացման։
Կրօնքը, օրինակ, պայքարեցաւ սուտին ու կեղծիքին դէմ, պայքարեցաւ ինքնահաւանութեան եւ հպարտութեան դէմ։ Երբ խորքին նայինք, կը տեսնենք թէ որքան զգալի են այս յատկութիւններուն ազդեցութիւնները մարդուն ու հասարակութեան վրայ։ Սուտը կը կեղծէ իրողութիւնները եւ մարդկային փոխադարձ յարաբերութեանց համար ստեղծուած ներոյժը, այն ներոյժը, որուն նուիրաբերմա՛մբ մարդ կþաճի ու փոխադարձը կը ստանայ դիմացինէն։ Սուտը կը խեղաթիւրէ այս կարողութիւնները, որոնք կը դառնան անորոշ ու այլասերուած, որոնց հետեւանքով կþայլանդակուին նաեւ փոխ յարաբերութիւնները եւ կը խորտակուի մարդկային ներուժը։ Ինքնահաւանութիւնն ու հպարտութիւնը կը սառեցնեն մարդը, որովհետեւ անոնցմով կը զգայ, որ այլեւս հասած է ինքնաբաւութեան։ Ինքնահաւանը կը մերժէ ստանալ դիմացինէն եւ հետեւաբար՝ կը մերժէ մտերմանալ դիմացինին հետ։ Փոխադարձաբար՝ ուրիշներ ալ կը մերժեն ստանալ իրմէ ու մտերմանալ անոր հետ։ Ուրեմն՝ ո՛չ առնել, ո՛չ ալ տալ կþառաջանայ։ Ներուժներու մա՛հն է այս, մարդկային ներուժներու մա՛հը, նաեւ սուտի ու ինքնահաւանութեան ու անոնց նման յատկութիւններուն։
Ազատութիւնը օրինակ, մարդու ընդունակութիւններու զարգացման եւ տաղանդներու յայտնաբերման յարմար միջավայրն է, մանաւանդ երբ պատեհ առիթները ներկայանան։ Ազատութիւնը միշտ ալ, զանազան պատրուակներով, ենթակայ եղած է ուրիշներու կողմէյարձակման ու բռնաբարման, քանի որ ան մարդկային կարողութիւններու բարգաւաճման յարմարագոյն միջավայրն է. կարծէք թէ ան մա՛յրն ըլլար բոլոր կարողութիւներուն։ Միթէ ասոր համար չե՞ն ճակատամարտներն ու դառն պայքարները։ Երբ ազատութիւնը խլուի մարդէն, անհատին ու հաւաքականութեան կարողութիւնները կը սահմանափակուին այնքանով, որքանով որ կþարտօնէ անոր՝ ազատութիւնը կաշկանդող բռնատէրը, եւ այնքանով՝ որ ան կը շնորհէ մարդուն, մինչեւ որ մարդը ճղճիմանայ. նոյնն է պարագան նաեւ հաւաքականութեան։ Երբ մարդ կը մերժէ այս սահմանափակումը ու խոր հաւատքէն մղուած կը փորձէ, որուն հետ կը փորձենք նաեւ մենք՝ վերջ տալ տարանջատող ու ճնշող այս բռնութեան, մենք, մեր մէջ գտնուող մարդուն հետ միասին՝ կը պաշտպանենք մարդուն կարողութիւններն ու արժանապատուութիւնը, առանց նկատի ունենալու այն հանգամանքը, որ կրնայ ստանալ այդ սահմանափակումը ժամանակի ընթացքին։
Բռնապետութենէն՝ գաղութատիրութիւն եւ աւատապետութենէն՝ մտային ահաբեկչութիւն եւ մարդոց վրայ խնամակալ ըլլալու ինքնակամ պարտադրանք այն ամբաստանութեամբ՝ որ անոնք չեն հասկնար, եւ նոր գաղութատիրութենէն մինչեւ մարդոց ու ժողովուրդներու վրայ տնտեսական, մշակութային կամ մտային ճնշումներ բանեցնելով որոշ կեցուածքներու պարտադրում, անտեսումի քաղաքականութենէն՝ մարդոց, կարգ մը մարդոց առիթները խափանել, նաեւ որոշ վայրերու մէջ, կարգ մը վայրերու մէջ մարդիկը մինչեւ տգիտութիւն առաջնորդելն ու նոյնիսկ զիրենք առողջութենէ, շարժելու եւ ստեղծագործելու կարելիութիւններէն զրկելը… այլազան ձեւեր մարդոց ազատութիւնները խլելու եւ ներքին ոյժերը ջլատելու։
Եւ դրամը, այս մեծագոյն կուռքը, այն՝ որ Յիսուս արգելք կը նկատէր երկինքի արքայութիւն մտնելու, քան՝ ուղտը ասեղին ծակէն անցընելու փորձէն, երբ ան չափաւորութեամբ գործածուի կը դառնայ բարիք եւ օրհնութիւն, իսկ երբ դառնայ նպատակ կը վերածուի պաշտամունքի առարկայի՝ առանց Աստուծոյ ու կը դառնայ մարդուն սրբութիւն սրբոցը, կը շարժի անո՛ր համար ու կը դառնայ անո՛ր ծիրին մէջ։ Դրամն այս սկսած է ուռճանալ մարդու եւ ընկերութեան այլ կարիքներու հաշւոյն եւ իր ունեցած խոր ազդեցութեան շնորհիւ, մարդոց կեանքին մէջ վերածուած է կործանիչ կամ տարանջատող ոյժի, ուր մեծը կը կլլէ փոքրը։ Նոյնն է պարագան նաեւ մարդկային պահանջներուն, երբ անոնք կþաճին այլ պահանջներու հաշւոյն, ինչպէս օրինակ՝ ցանկութիւնները. իւրաքանչիւր պահանջ շարժառիթ է եւ մղիչ ոյժ, այլեւ՝ սնունդ, որպէսզի մարդ ապրի. բայց երբ այդ պահանջը կþաճի այլ պահանջներու հաշւոյն, կþառաջացնէ ողբերգութիւն։ Ահա ա՛յս է պատասխանատուութիւնը ընդդէմ ունեցուածքի, դրամի, փառքի, իշխանութեան եւ մարդկային այլ կարողութիւններու։
Իրականութեան մէջ հաւատքի գործօնը, որ մարդոց ու Աստուծոյ կապը միշտ կենդանի կը պահէ, հաւատքի այս գործօնը, որ արդի քաղաքակրթութեան հիմքն է, ենթակայ դարձաւ խարխաբումներու։ Երբ կը մտաբերենք նոր քաղաքակրթութեան պատմութիւնը, կը զգանք որ մարդը, որ մերթ ընդ մերթ ապրեցաւ այս քաղաքակրթութիւնը, սկսաւ աճիլ այս ոլորտին մէջ՝ այլ ուղութիւններու հաշւոյն, ինչպէս՝ քաղաքականութեան, կառավարումի, շուկայի ու շինարարութեան, որոնք հիմնուած չէին հաւատքի վրայ եւ համակարգուած չէին այնպէս, որ ծառայէր բոլորին, չընկճէր ու չտարանջատէր։ Եւ քանի որ հիմնուած չէր հաւատքի վրայ, իւրաքանչիւր պահանջ սկսաւ որոշ ժամանակի ընթացքին զարգանալ, ինչպէս՝ քաղաքականութիւնը, կառավարումը, շուկան ու շինարարութիւնը եւ վերածուիլ գաղութատիրութեան ու պատերազմներու, նոր շուկաներու որոնման եւ զինեալ խաղաղութեան ժամանակաշրջանի։ Այսպիսով մարդկութեան կեանքը տատանեցաւ պաղ ու տաք պատերազմներու, վէրքերու սպիացման ու զինեալ խաղաղութեան միջեւ։
Իսկ եսասիրութիւնը, որ մարդու կատարելութեան ձգտումի մղիչ ոյժն է եւ ձգտումներ իրականացնողը, այս լաւ յատկութիւնը մեծապէս կրնայ ծառայել մարդուն, բայց երբ աճի անոր մէջ ու վերածուի անձի պաշտամունքի, այն ատեն է որ կը սկսի հարցը, բախումը, ցեղային խտրականութիւնը, այլոց անարգելը եւ դառն հակամարտութիւնը՝ ընկերութեան ամենափոքր միաւորէն մինչեւ միջազգային ընտանիք։ Աքուցուած պայքար, որուն առանցքը նոյնն է, բայց շրջանակները՝ տարբեր։
Այս պայքարը, զոր համարեցին գոյութեան հիմնական մասնիկներէն մէկը, հետեւանքն է եսասիրութեան զարգացման եւ անձի պաշտամունքին։ Երբ անձնասիրութիւնը կը փոխանցուի հասարակութեան, հասարակութիւնը որ առաջացած է մարդկութեան ծառայելու, կը կրէ ընկերային բնոյթ եւ ունի երկու եզրեր՝ անձնական եւ ընկերային, անձնանասիրութիւնն այս, երբ փոխանցուի ընկերութեան, ընկերութիւնը կը դառնայ լայնածիր անձնասիրութիւն։ Ահա՛ այստեղ է որ կը ծագի հարցը իր տարբեր դրսեւորումներով. աձնական եսասիրութենէն՝ ընտանեկան եսասիրութիւն, որուն չարիքներէն միշտ ալ տառապած է մարդը, մինչեւ՝ ցեղային բռնատիրութիւն, որ վերածուեցաւ վարչակարգի եւ ունեցաւ իր հետքերն ու հետեւանքները, հասնելով աղանդաւորութեան, որ իր եսասիրութեամբ երկինքը վերածեց երկրի եւ դատարկեց կրօնքի ու վարդապետութեան բովանդակութիւնը իր վսեմ գաղափարներէն, մարդկայնութենէն եւ հանդուրժողականութենէն, այս աղանդաւորութիւնը, որ վաճառքի հանեց հոգեւոր արժէքները չնչին գումարներու փոխարէն, հասնելով մինչեւ եսասէր հայրենասիրութիւն։ Հայրենասիրութիւնը եւս, հակառակ որ ամենաազնիւ պահանջներէն մէկն է, երբ վերածուի այլամերժ հայրենասիրութեան, այն աստիճան որ մարդ զգայ այլեւս որ կը պաշտէ հայրենիքը՝ առանց Աստուծոյ, այն ատեն կþարտօնէ իր անձին որ կառուցէ իր հայրենիքին փառքը՝ այլոց հայրենիքի աւերակներուն վրայ, հիմնէ իր քաղաքակրթութիւնը՝ կործանելով այլոց քաղաքակրթութիւնը եւ բարելաւէ իր ժողովուրդին վիճակը՝ այլ ժողովուրդներ թշուառացնելով, հասնելով ֆաշիստական ազգայնամոլութեան, որ հրկիզեց աշխարհը մէկէ աւելի անգամներ։
Այս երեւոյթները ընդլայնուած եսասիրութիւններ են, սակայն երբ սկսանք պաշտել զանոնք՝ վերածուեցան խոշտանգումներու եւ աւերակներու, մինչդեռ անձնասիրութիւնը, հարազատներու հանդէպ բարեսրտութիւնը, աշիրէթասիրութիւնը, հայրենասիրութիւնն ու ազգային պատկանելիութիւնը դրական երեւոյթներ են մարդու կեանքին մէջ, անշուշտ եթէ անոնք ըլլան բնական մակարդակի վրայ։ Ահա այն ատեն է որ կրնանք լոյս սփռել այս դասախօսութեան ընտրուած վերնագրին վրայ՝ «Մարդը իր կարիքներով եւ կարողութիւններով»։
Ընկերութիւնը, որ կþընդգրկէ այս մարդը, պէտք է ըլլայ համադրող, եւ մարդը որպէս անհատ, պէտք է ըլլայ յարմարող անոր։ Որքան որ մարդ իր պահանջներուն մէջ առաջ անցնի՝ այլ պահանջներու հաշւոյն, այնքան ան փորձանք կը դառնայ. որքան որ մարդն ու անոր կարիքները աճին ուրիշներու հաշւոյն, այնքան ան պատուհաս կը դառնայ եւ որքան որ հասարակութիւն մը աճի կամ հասարակութեան մը կարիքները աճին այլ հասարակութեան մը հաշւոյն, այնքան ան փորձանք ու պատուհաս կը դառնայ։ Չափաւորութիւնը այն է, որ մարդու զգացողութիւնը այնքան վերանայ, որ ան զգայ՝ թէ ուրիշներու ցաւը նաեւ ի՛ր ցաւն է։ Ահա ասոր է որ կը ձգտի ծոմապահութիւնը։ Այս չափաւորութիւնը երաշխիքն է մարդու ներդաշնակ աճումին եւ ընկերութիւններու ներդաշնակ զարգացումին։
Եւ Լիբանանը, մեր երկիրը, այն երկիրը, որուն առաջին ու վերջին դրամագլուխը իր քաղաքացին է, այն քաղաքացին՝ որ կերտեց Լիբանանի փառքը իր աշխատանքով, գաղթով, մտածողութեամբ եւ ձեռներեցութեամբ, մեր այս քաղաքացի՛ն է ահա, որ պէտք է պահուի այս երկրին մէջ։ Եթէ այլ երկրի մը մէջ մարդէ աւելի կարեւոր հարստութիւն մը կայ, ապա մեր հարստութիւնը մարդէն վերջ՝ մա՛րդն է։ Հետեւաբար Լիբանանի մէջ մեր ճիգերը ա՛յս հեռանկարով է որ կþուղուին. կը սկսին աղօթատեղիներէն եւ նոյն ատեն՝ համալսարաններէն ու այլ հաստատութիւններէ։ Ճիգ կը տանինք զանոնք պահելու ու զանոնք պահելով՝ մա՛րդը պահելու, մարդը իր բազմազան կարողութիւններով. բոլո՛ր մարդիկը, երկրի բոլո՛ր շրջաններուն մէջ։
Հետեւաբար եթէ ուզենք պահպանել Լիբանանը, եթէ ուզենք ի գործ դնել մեր հայրենասիրական զգացումները, եթէ ուզենք ի գործ դնել մեր կրօնական զգացումները՝ նախօրօք յիշուած սկզբունքներուն հիման վրայ, ապա ուրեմն պէտք է պահենք Լիբանանի մարդը, իւրաքանչիւր մարդ, իր բոլոր կարողութիւններով, եւ ո՛չ թէ մասնակի։
Լիբանանն այս, ուր կþապրինք ու կը հանդիպինք զրկանքի, կը յայտնաբերենք որ այս զրկանքը արդիւնք է սխալ գործելակերպի, որուն պատասխանատուութիւնը կþիյնայ բոլորին վրայ, եւ բռնութիւնը, որուն անդրադարձանք մարդու մասին ըուած օրհնաբեր խօսքին մէջ, մարդու մօտ առկայ է ըստ պատշաճի, պայմանաւ որ չազդուի անկէ ու գործադրէ ի վնաս ուրիշին, ու այս մէկը արտօնուած է բառացիօրէն։
Այն շրջանները, ուր կþապրինք մենք ու կþապրի մեր լիբանանցին, լիբանանցի մարդուն նման՝ մե՛ր եւ պատասխանատուներու ճիտին պարտքն է։ Հարաւը եւ բոլոր շրջանները Աստուծոյ եւ հայրենիքի հրահանգով պէտք է պահել ու պահպանել։ Հետեւաբար պէտք է ուշադիր ըլլալ մտածումի եւ գործադրումի ժամանակ։ Սխալ ձեւով մտածելը կրկնակի դաւաճանութիւն է մեզի յանձնուած աւանդին հանդէպ. սխալ գործադրումն ալ կրկնակի դաւաճանութիւն է՝ վստահութեան հանդէպ. դաւաճանութիւն՝ տիրող ուղղակի փտածութեան եւ դաւաճանութիւն ուրիշներու հնարաւորութիւնները շահագործելու, դրամները կորուստի մատնելու եւ ընդհանուր իրաւունքներու հանդէպ։ Առանձնաշնորհումները կը բաժնուին որեւէ ձեւով կամ ինչ վերնագրով որ տրուին։
Լիբանանն այս, մարդու եւ մարդկութեան լիբանանը, կը բացայայտէ իր մարդկային դիմագիծը, երբ այսօր բացորորոշ համեմատութեան կը դնենք զինք իր թշնամիին հետ եւ կը նկատենք որ թշնամին, իր առաջացուցած ազգայնամոլ ընկերութեամբ, ամէն տեսակի ճնշում ու խտրութիւն կը բանեցնէ թէ՛ նիւթական, թէ՛ մշակութային, թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ զինուորական ասպարէզներու վրայ եւ մինչեւ իսկ կը համարձակի խեղաթիւրել պատմութիւնը, հրէականացնել Սուրբ քաղաքը եւ եղծել պատմական հնութիւնները եւ որոնց ականատես կþըլլանք բոլորս։
Ուրեմն, մեր հայրենիքը կը պահպանուի ո՛չ միայն Աստուծոյ եւ իր մարդուն համար, այլ պէտք է պահպանուի ամբողջ մարդկութեան համար, ցոյց տալու անոր իրաւասու ու ընդդիմացող դիմագիծը հակառակորդի դիմագիծին առաջ։ Այսպիսով մենք մեզ դէմ յանդիման կը գտնենք կեանքի լաւագոյն առիթի մը եւ նոր հանգրուանի մը առջեւ, զոր սկսած է Լիբանանը։
Ուրեմն հանդիպինք, ո՛վ հաւատացեալ քոյրեր ու եղբայրներ, հանդիպինք մարդուն ի խնդիր, մարդու մակարդակով, իւրաքանչի՛ւր մարդու, Պէյրութի մեր մարդուն, Հարաւի մեր մարդուն, Հարմէլի մեր մարդուն, Աքքարի մեր մարդուն, Պէյրութի արուարձաններու մեր մարդուն, Քարանթինայի եւ Հայ էլ Սըլըմի մեր մարդուն։ Ոչ մէկը չէ զլացուած առիթը օգտագործելու կարելիութենէն, չէ մեկուսացուած եւ չէ դասակարգուած։ Հետեւաբար պահե՛նք Լիբանանի մարդը, որպէսզի պահպանե՛նք այս երկիրը։ Պահենք մարդուն երկիրը որ պատմութեան եւ Աստուծոյ աւանդն միաժամանակ։
Կ՛ողջունեմ բոլորդ։ Թող Աստուծոյ օրհնութիւնն ու բարիքը իջնեն ձեր վրայ։
[1] «Ղուրան», թարգմանեց արաբերէնից հայերէնի Աբր. Ամիրխանեանց, Վառնա, 1909, էջ 103։